ԻՆՉՈ՞Ւ ԼՈՒՌ ԵՆ ԿՌՈՒՆԿՆԵՐԸ ԱՅՍ ԱՓԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Լուսնի երազկոտ գիշերին մէջ լուսածոր,

մինչ ծովը կ’երգէր իր սիրոյ երգը թախծոտ,

յամրօրէն,

ամօթխած,

Արցունքի կաթիլներ տաք

աղի փաթիլներու նման տարտամ

Կը հոսէին զոյգ աչքերէ կիսաբաց,

քարացած աւազներուն վրայ,

շիթ առ շիթ,

մերթ ընդ մերթ,

անզգալաբար։

Անձկութեան անյիշաչար պահեր իրօք

Կասկածի,

վախի տագնապով բռնկած.

Կարօտի տենդը հրարծարծ

կլանած էր էութիւնը սիրատոչոր աղջկան,

Նայուածքը յառած հորիզոնին` ամայի,

լուսնին՝ անտարբեր,

որ կ’երգէր իր կարօտի երգը կորսուած։

- Պիտի յայտնուի՞ արդեօք ա՜ն, իմ սէ՜րը վերջին,

իմ կեանքի սէրը մոլորա՜ծ,

Հարց կու տար նուաղած ձայնը մութին մէջ.

- Ինչո՞ւ լուռ են կռունկները այս ափերուն վրայ

կը պոռթկար ան արձագանգով մը փղձկած,

թախանձագին,

անպատասխան։

Ամէն երեկոյ կրկնուող

անձկագին այս տեսարանը՝ թա՜ց,

կշռոյթի մը նման դարձած էր

երեւոյթ անխուսափելի,

Պահանջքի մը նման կոտտացող ցաւ վաղեմի.

Բայց ամոքող պատասխանի բացակայութեան՝

Կը մնար միայն յո՜յսը ապերախտ,

փրկարար միակ լաստը վերջին,

Միայն թէ ան գա՜ր ի վերջոյ, կը շշնջէր ան,

ու գրկէ՜ր զինք կաթոգին երէկուան պէս,

իր վերադարձի ուխտին հաւատարիմ,

ժամանակի անջրպետին մէջ կորած։

Ինչո՞ւ լուռ են կռունկները այս ափերուն վրայ...

2005

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 1-2005, էջ 58։