ԻՆՉԻ՜Դ ԷՐ ՊԷՏՔ…

Ինչի՜դ էր պէտք, մա´րդ,

Ինկար տափակ այս միջակութիւններու

յորձանուտին մէջ թաւալգլոր,

Նոյնացար անոնց ծանծաղ, ճահճացած ջուրերուն,

Չվերածուեցար գալիքին գացող հոսանքի խորասոյզ....


Ինչի՜դ էր պէտք, մա´րդ,

Զիջողն եղար միշտ անոնց խարդաւանքներուն,

ամէնօրեայ դաւերուն,

Խնկարկող մը եղար կեղեքող անոնց աստուածներուն,

Հանդուրժեցիր անոնց կեղծ ժպիտներուն,

անիրաւ ու խաբուսիկ անոնց խօսքերուն։


Ինչո՜ւ, երբ հոգիդ թռիչք ունէր ու հորիզոն անհո՜ւն՝

Հաշտուեցար քեզ ջլատող ճակատագրին խաբեբայ...

Սուզուեցար յատակը պարտադրուած բախտին յիմար,

Դուրս չեկար այս մեծ բանտէն անիծեալ

Երբ ունէիր ամէ՜ն արդարացուցիչ պատճառ։


Ինչի՜դ էր պէտք, մա´րդ,

Քալեցիր արիւնաքամ՝ փշաթելերուն մէջէն ժանգոտած,

Վառ վաղուան խաբկանքով տոգորուած։


Պիտի չփոխուի՜ երբէք

Այս լլկումը, սարդոստայնի մը նման քեզ կլանած,

Պիտի չփոխուի՜ն անոնք ալ... հաւատա´...

Անոնք այս դարու տէրերն են՝ լիիրաւ,

Բայց դո՞ւն... աւա՜ղ,

Դուն հէք զոհն էիր... այս դարուն՝ անիրաւ... ։

2007