ԼՍԵՑԷՔ ԴՈՓԻ՜ՒՆԸ ԿՐՈՒՆԿԻՆ

Լսեցէք դոփի՜ւնը կրունկին՝ ամբարտաւան թուրքին,

Որ կը բախէ դռները Եւրոպայի...

Լսեցէ´ք նուաղկոտ «ոչ»երը շշմած եւրոպացիին՝

Գառնուկի վերածուած, յանձնուած դահիճի կամքին...

Որպէս արշաւող բանակ կանգնած Եւրոպայի դարպասներուն

Երեք դար առաջ, իր նպատակէն մետասաներորդ պահուն շեղած

Թուրքը կը բախէ նոյն դուռը հիմա, աղաւնիի պատմուճանը հագած,

Մէկ ձեռքին ձիթենիի ճիւղը, միւսին՝ արիւնաթաթախ մահիկը բռնած,

Բայց այս անգամ եօթանասուն միլիոն անօթի վոհմակի

Գլուխն անցած կ’արշաւէ ու առանց արիւնի կը նուաճէ...

Սա այն «քաղաքակիրթ» թուրքն է, «հիւանդ մարդը» Եւրոպայի,

Որ մահաքունէն զարթնած կը յաւակնի դասե՜ր տալ մարդկութեան,

Որուն իսլամի տարազը՝ կը նկատուի օրինակելի՜ դափնեպսակ,

Այլեւ, պատնէշ մը ամուր՝ ընդդէմ «բարբարոս» արեւելքին.

Աւա՜ղ, փարախն իր եղբայրաբար հիւրընկալող բարեսիրտ Եւրոպացիին

Տունը՝ գազանը պիտի մտնէ անմեղ գառնուկի մը նման,

շուտով վերածուելու տանտէրի,

Բայց արդէն ո՜ւշ պիտի ըլլայ... պատմութի´ւնը վկայ։

Լսեցէ´ք դոփիւնը կրունկին՝ թուրքին լկտիացած,

Որ կ’երթայ պատմութեան վրէժը լուծելու

Վիեննայի դռներուն դիմաց...

Լսեցէ´ք քրքի՜ջը կատղած մահապարտին,

Որ փոխ վրէժի խաչակրութեան կ’երթայ

Առիւծասիրտ արքայի արքունիքը՝

Կարիճի թունալից փրփուրը իր բերնին վրայ,

Խարտեաշ հոմանուհիներու կաթնահամ մարմիններու

բո՜յրը տենչացող՝

Խենէշ սուլթաններու երբեմնի վայելքներուն տիրանալու,

Բարբարոս ցեղի արեան ծարաւը իր մէջ խեղդած։

Լսեցէ´ք խաւարին մէջ սարքուող զոհասեղաններու թոհուփոհը,

Լսեցէ´ք կրակի ու մահուան գիրկը նետուած

Խօլական պարը մերկ hայուհիներու

դար մը առաջ անապատի աւազներուն վրայ։

Լսեցէ´ք խելագարած Կոմիտասի արձագանգող ճիչը աղիողորմ,

Լսեցէ´ք ազատութեան երգը՝ կախաղաններու վրայ խաչուած

Չանղըրըէն Պէյրութ ու Սուրիա,

Լսեցէ´ք հրկիզուող քաղաքներու ճարճատիւնը

Կիպրոսի ափերուն վրայ,

Լսեցէ´ք աղաղակը ազատատենչ քիւրտ Ահմէտին՝

լեռները ապաստանած,

Ու ապա լսեցէ´ք գոյակցութեան յորդորներ քարոզող

միամիտ Եւրոպացին

Ու քրքջացէ´ք ցաւով ու անյագ՝ այս զաւեշտին համար,

Ապա ճամբայ բացէ´ք, թուրքն է՝ կու գայ մագիլները սրած...

2004