ՀՊԱՐՏ ԵՄ…

Հարկ կա՞յ բացատրեմ

Կամ արդարացնեմ ես ինծի,

Ինչո՜ւ հպարտ եմ hայ ծնած ըլլալով։

Այո՜, հպարտ եմ միշտ

եւ մտահոգ՝ միշտ,

երբեմն տխուր,

երբեմն ալ դժգոհ,

Բայց միշտ հպարտ եմ hայու արիւն կրելով։

Մի՞թէ այլ ազգեր դժգոհ են իրենց արմատներով,

Մի՞թէ ուրիշ ազգեր խոցելի չեն իրենց բարքերով,

Աշխարհը փոխուած է, այո՜...ինչպէս մի՜շտ...

Բայց նուաստ չեմ զգար ինծի երբէք,

Քանզի տգէտ մը չեմ.

Եւ ինչո՞ւ ըլլամ.

Օտարինը արժէք է, իմս՝ ո՞չ։

Ի՞նչն է որ օտարը ունի, ես ո՜չ:

Կարդացէ´ք ու կը տեսնէք,

Կարդացէ´ք, ապա դատեցէ՜ք...

Պիտի տեսնէք՝ ինչքան բարդոյթ,

տգիտութիւն կայ,

Ձեր մէջ անթեղուած,

Որուն անծանօթ էք, գուցէ անտարբեր։

Մեզի կը պակսի հպարտութիւնը միայն,

Արդար հպարտութիւնը մեր արեան։

Հպարտ եմ ես, այո՜,

Հպարտ եմ՝ միշտ,

Ո´չ աժան ու սին ինքնապարծութեամբ,

Ինչպէս կ’ընեն շատեր, վարժ թութակի մը նման,

Այլ հաւատքով մը վառ

Ու համոզումով մը ջերմ,

Ու եթէ օր մը ծնիմ կրկին,

Պիտի ցանկամ հա՜յ ծնիլ կրկին… :

2004