ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄԸ ԱՆՈՂՈՔ

Քիւնտերայի հարցադրումը

Չեխ ժողովուրդի գոյութեան մասին

ապագային մասին հարցական

Հիմա իմ մէջ կ’արթնցնէ երկարօրէն յուզող

նոյն հարցադրումը դժուարին.

Ծովու իրերայաջորդ մակընթացութեան

ու տեղատուութեան նման

Կը գրոհեն միտքս խօլական արշաւներով

Բիւր-բիւր հարցերը

միշտ նոյն Տագնապին,

որ դարերուն հետ ապրող

ժողովուրդները ահազանգի մատնող

Գոյութեան, գոյատեւման հարցն է անժամանցելի...

Ցեղիս ապագան հիմա զիս կը յուզէ...

Կը տեսնեմ նահանջը կամաւոր,

այլասերող ժողովուրդին մեր,

Որ դարերուն հետ, իր տարածումին մէջ,

Հետզհետէ կը լճանայ,

Կը դառնայ պատմութեան քարացումը

Որ իրաւամբ, լո՜ւռ ու անողոք անէացումն է,

կորուստը՝ էջերէն յիշատակութեան:

Քիւնտերայի հարցադրումը

հիմա իմս է, արդար, անժամանցելի.

Հայուն ապագան այս ընթացքով

Անողոք դատաստանին մեղկ վճիռն է կրկնուող...:

1987