ԿԸ ՂՕՂԱՆՋԵՆ

Կը ղօղանջեն իմ մէջ երգերը հի՜ն,

ու երգերը միշտ նոր.

Կը ղօղանջեն վիշտերը, երազները,

Կը ղօղանջեն հին ու նոր բոլոր սէրերը.

Կը ղօղանջեն վաղուան արշալոյսի կանչերով,

Երկունքի ու երազանքի այս պահուն

Կը ղօղանջեն հին երգերը խելացնոր...

Կը ղօղանջեն հիմա թախծոտ մեղեդիները բոլոր,

Կ’աղաղակեն անյոյս, հոգւոյս խորերէն

Լուռ ու անխօս ամբոխին ցաւերը բոլոր.

Ամբոխը խելագար՝ կը քալէ՜

Ու ղօղանջն անոր կ’արձագանգէ իմ ներսիդին,

Յարութի՜ւն կ’աղերսէ...

Յո՜յս կը բացագանչէ...

Բայց հոգիս կը մնայ մռայլ,

Կը մնայ անզօր եւ ի՜նք՝

կապար ճակատագրին դիմաց,

Կը տենչայ եւ ի՜նք՝ յարութիւնը իր գոյութենէն թշուառ...

Կը ղօղանջեն տրտում մեղեդիները բոլո՜ր,

Իմ մէջ կը ղօղանջեն հին երգերը խարխափող...

1988