ՊԻՏԻ ԳԱ՞Յ ՄԻԹԷ
Ըսէ՜ ինծի` ե՞րբ,
Տարուան ո՞ր եղանակին դիմաւորեմ քեզ...
Գարնան հետ արեւուն բացուող վարդի համբոյրին մէջ
չգտայ հոգիիս խանդը վտարանդի,
Չգտայ պարզապէս ինծի հասցէագրուած ծիծաղը՝
Որ պիտի լուար իմ հոգին՝ յամեցող բոլոր վիշտերէն։
Ամրան տօթակէզ գիշերները յամեցան շա՜տ երկար.
Բերին մահաբոյր ռումբեր ու ցանեցին արցունք ու աւեր,
Քաղեցին միայն մահ...
Եւ թողուցին պարապութի՜ւն մը համայնական...
Աշնան մաղուող անձրեւն ալ չբերաւ թեթեւութիւն.
Ինծի հասցէագրուած ժպիտի նշոյլն իսկ չկա՜ր
փարատած հորիզոնին վրայ։
Կար անձկութիւն մը ճնշող ու տարօրէն երկար,
Կար կասկածի զգացում մը ամլող ու հոգին բզկտող։
Եւ ձմեռն ալ եկաւ... ու չբերաւ բարի աւետիս.
Ձմրան հետ թանձրացան նոր վիշտեր ու յոյզեր,
Հոն ցանեցին տխուր կիրքեր, նո՜ր հիասթափութիւններ,
Խոր արմատներ նետելով աճեցան տարօրէն։
Ու հիմա հարց կու տամ ես ինծի.-
Ո՞րն է այն եղանակը տարուան,
Որու եթէ սպասեմ, պիտի գտնեմ իմ ուրա՜խ,
իմ պատա՜նի հոգին,
Ո´չ ծաղրածուին ժպիտին տեսքով,
որ պատուէրով կու գայ,
Այլ անմեղ մանուկին,
որ անգիտակ է գալիքի տարողութեան,
Որ գիտէ ճչա՜լ ու լա՜լ բայց կրկին խնդա՜լ ու սիրուի՜լ։
Իմ հոգին կը տենչայ այն մի՜ւս եղանակը կորսուած,
Ուր տարբերութիւն չկա՜յ գարնան, ձմրան
ու եղանակներուն միջեւ.
Ուր եղանակները միշտ խինդ ու ծիծաղ կը բուրեն,
Թէկուզ յամենան երկար կամ իսկոյն փարատին...
Ե՞րբ պիտի ան դուրս գայ իր մօր պատեանէն
Ու զիս առնէ իր կեղեւին մէջ անապակ,
առանց անցագրի կամ հաշիւի խաբեբայ։
Ո՞ւր է այն եղանակը, որուն ի զուր կը սպասե՜նք
Այսքան երկար ժամանակ...
2007
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 3-2007, էջ 16-17։