ՊԻՏԻ ԵՐԹԱ՛ՆՔ Ի ՎԵՐՋՈՅ
Ճամբաներէն վտարանդի, օտարացող ամէն օր աւելի,
Դաժան կանչերու երկունքներէն յուսաբեկ,
Պիտի երթանք անփոյթ՝ անձկութիւններու վախճանին
Ընդառաջ, խելագար վերջին պարն ալ պարելու,
Հուսկ գրկաբաց նետուելու կլանող գոգը հողին...
Պիտի երթանք ի վերջոյ։
Վե´րջ երազներուն, սրակոտոր ամէն օր աւելի,
Սին յոյսին, տառապանքին՝ բիրտ ու դաժան,
Կը նետուինք բախտի ալիքներուն գիրկը մահաբոյր,
Անհունօրէն ըղձակաթ ու տարօրէն ազազուն...
Պիտի երթանք հոն ի վերջոյ։
Սպասումներէն յոգնատանջ, ուժասպառ ամէն օր աւելի,
Պիտի երթանք խելակորոյս՝ հեծեծանքով մը դառնաբոյր,
Հոգիի պարտք մը հատուցող ուխտաւորին նման բարի,
Պիտի երթանք համակերպ, մեր ուխտը կատարելու ...
Պիտի երթա՜նք օր մը անպայման։
Գուցէ երթանք անժամանակ, հեւքով մը խելակորոյս,
Գուցէ երթանք ուշացած, յամրաքայլ ու դողդոջուն,
Բայց միշտ ու միշտ պիտի երթանք հլու ծառայի նման
Ճամբաներէն վտարանդի, օտարացնող ամէն օր աւելի...
Պիտի երթանք հոն ի վերջոյ...։
2007