* * *

Տառապանք է կեանքն անո´ր,

Որ անասնական իր բնազդներէն

Կ’ուզէ բարձրանալ աստիճան մը վե՜ր.

Կ’ուզէ մագլցիլ կեանքի ցեխերէն

Վե՜ր, դէպի գագաթը բա´րձր լերան:

1985