ՀՐԱՇՔՆ ԻՄ ԴԻՄԱՑ
Անյագ ու ծարաւի աչքերով կը դիտեմ քեզ
իմ երա՜զ լեռ.
Խանդոտ կնոջ մը հրապոյրը անյագօրէն պարզած,
Կը խռովես իմ ներսիդին
Տարփանքներովդ՝ լուռ ու հեզ։
Կ’ուզէի որ իմս ըլլայիր դուն
միայն ի´մս, յաւէ՜տ,
Վայելէի քեզ տիւ ու գիշեր,
Տարուան բոլոր եղանակներուն մէջ.
Անջատուած իմ աշխարհէն,
Ըլլայի քեզ սիրող
Ու միշտ քեզմով հրապուրուող սիրահարը երանելի.
Ու դուն ըլլայիր
Զիս առինքնող հրաշք մը զօրեղ,
Ու ես, քեզմով կախարդուած՝
Պոէտն ըլլայի սիրատենչ...
Անյագ եւ անօթի աչքերով կը դիտեմ քեզ,
իմ երա՜զ լեռ.
Մտապատկերիս մէջ դրոշմուած կը մնան
Հեշտանքի պահեր,
Զոր ապրեր եմ օրուան ժամերուն տարբեր,
Քեզմով ես արժէք եմ ոգեղէն,
Նպատակ մը՝ երկրի երեսին,
Որ անծանօթ ու մութ էր ինծի։
Անյագ ու ծարաւի աչքերով կը տենչամ քեզ,
Հոլանի կնոջ նման կանգնած իմ դիմաց.
Բախտաւոր եմ, որ ունիմ քեզ,
Որպէս անբացատրելի, գերող երազ զօրեղ,
Որ այսօր իմը, վաղն ուրիշներ
Պիտի վայելեն հրաշքիդ դիւթանքը անմեղ։
Քու պատկերդ այս պահուն մերկ ու շքեղ,
Կնոջ մարմնին նման հրաշագեղ,
Զիս անհունօրէն կը հմայէ։
2007