ՏԱՐԱՆՋԱՏՄԱՆ ՈՒՂԻՆԵՐՈՎ

Տարանջատման պահն է կարծես...

Ժամանակին հետ անյայտացող

Բարեկամութեան

Հաւատքի

Տեսիլքի

Նախկին, այժմ այլանդակուած

ըմբռնումներուն ազնիւ...

Տարանջատում՝ ցեղերու,

ընտանիքներու,

Հեռացման ու բաժանումի ուղիներով

Կորսուող սերունդներու ժամն է կարծես.

- Գուցէ եւ միշտ էր եղած ու

պիտի ըլլայ առ յաւէտ:

Անձկութեան ու խարխափումի այս օրերուն,

Գիշերին հետ կորսուող սիրտ մը,

հեռացող բարեկամ,

եղբայր կամ քոյր,

Կ’երթան փախուստի, ազատագրութեան,

Կ’երթան վիշտ մը թաքուն հետն իրենց տարած,

Կ’երթան արդարի, արժէքներու որոնումով,

Միշտ ու միշտ կ’երթան

Տարանջատման ուղիներով...:

1989