ՁԱՅՆԵՐ
Ձայներ կը տողանցեն
Խարխափող ժամանակի կրկներեւոյթին մէջ,
Ու կը թափթփին անձրեւի կաթիլներու նման,
Խանձած հողի ծերպերն ի վար՝
Վաղուան փթթումին անձկութեամբ:
Ձայնը, ինչպէս կաթիլները անձրեւի,
Արեւուն հուրը ծծած վիճակ է բարերա՜ր,
Երբ կոշտ հողին մէջ կը գտնէ ապաւէն ու կայք,
Բայց սրտաճաք անէծք է,
Տառապանքի ճիչ ու հառաչանք է, երբ
Փոխան շողի՝ ծծած է
Դառնութիւն անհամար
Ու ատելութիւն խելագար.
Ձայներ կը ծորին իբր շիթեր անձրեւի,
Հոգիներէ ներս խռով ու պապակ,
Որպէս մռայլ մեղեդի ու ղօղանջ բազմաձայն:
Աղաղակ ու քրքիջ ցօղի նման կը ցաթին
Հոգիներէ ներս, դառնալու խճացած հծծիւն,
Այլեւ՝ տարերք թանձրարիւն.
Ձայներ աններդաշնակ կը գրոհեն
Պատերն ի վեր օտարացող ժամանակին,
Ու կը թափանցեն հասցէներու անհամբոյր:
Ձայներու ճաթռտած արանքէն կը բարձրանայ ահա
Եւ ի´մ ձայնը խռպոտ, իբրեւ հարցադրում,
Այլեւ բողոքի ճիչ արձակուած
Իր արգելարաններէն մռայլ:
Ո՞րն է հիմա մեր յայտարարը հասարակ,
Որ պիտի մեզ ոտքի հանէ մորփէոսի թմբիրէն խո՜ր,
Գօտեպնդէ վառ տեսիլքով գալիքին պայծառ,
Ներշնչէ հաւատք վաղուան,
Հրահրէ ամբոխները մահաքունի մտած,
Եւ ուղղէ զանոնք նոր վաղորդայններու լուսապսակ:
Ո՞ւր է հիմա մեր ձա՜յնը կորսուած...
Ո՞րն է հիմա մեր յայտարարը հասարակ...
2010
ԲԱԳԻՆ, ԽԹ. տարի, Յունուար-Մարտ 2011, էջ 32-33։