ՕՐՈՒԱՆ ԱՒԱՐՏԻՆ

Եւ հիմա,

Երբ անձս կը դնեմ

Ժամանակի եւ մարդկային

Մեր օրերու արժէքային համակարգի նժարին վրայ,

Իմ ողջակիզումը կը դառնայ կրկնակի,

Ինչպէս՝ մահուան ճիրաններէն խոյս տուած մարդուն

Կը շնորհուի ապրիլ կեանք մը վերստին,

Նոյնքան ողբերգական,

Նոյնքան արհաւալի,

Նոյնքան արկածախնդիր:

Ես պատրաստ եմ այդ ողջակիզումին,

Հոգւոյս անդնդախոր վիհերէն արձակուած

Ղօղանջովը մարդկային եւ ճիչերով նուաղուն:

Հիմա, երբ կ’երթամ արշալոյսին՝ հրաժեշտի,

Զոհաբերութեան հրակէզ այդ պահուն,

Չեմ ցանկար, որ նժարները կքին այս թէ այն կողմ,

Ոչ ալ՝ համակարգերը վերածուին յուշի,

Թող աշխարհը մնայ ինչպէս որ է,

Չնաշխարհիկ օթեւան մը հիւր կարաւանի,

Ուրկէ անցայ գացի ես ալ պարզ անցորդի մը նման: