ՈՐՈՆՈՒՄ

Լոյսը կը փնտռեմ խաւարին մէջ,

Լոյսը կը փնտռեմ եւ լոյսերուն մէջ.

Լոյսը խաւար է, եւ իրաւ լոյսը

Երազային ձգտում մըն է…:

Անաղարտ սէր կ’որոնեմ սէրերուն մէջ,

Անաղարտ սէր կ’որոնեմ եւ ատելութեան մէջ.

Սէրը ատելութիւն է, եւ իրաւ սէրը

Սոսկ տենչանք մըն է…:

Յաւերժութեան կը ձգտիմ կեանքիս մէջ,

Յաւերժութեան կը ձգտիմ եւ մահէս վերջ.

Յաւերժութիւնը մահն է, եւ հէք բանաստեղծին

Լոկ պատրանքն է…:

1985