ՕՐ ՄԸ ԵՏՔ

Քու երեւումիդ առաջին

Դուն եկար պարզ ու լուռ.

Հանգչեցար կողքիս աթոռին սեղմ

Ու դիտեցիր զիս գաղտագողի

Երբ ես հեռուներն էի իմ երազներով

Չէի գիտեր թէ երազն է իմ քով,

այնքա՜ն մօտ:

Երկրորդ անգամ դուն եկար ինքնավստահ

Կանգնեցար իմ դիմաց քու դերովդ Սեդայի

Մարտահրաւէր կարդացիր

Քու նայուածքներով հպարտ

Քու աչքերով բոցավառ...

Այդ պահէն ասդին

Եղար երազն իմ ամբողջ

Եղար ցայգալոյսին ընդմէջէն պարզուող

Այն էակը խորհրդաւոր,

Որ կը յամենայ իմ երեւակայութեանս ոլորտները

Ճառագայթումով մը ոգեղէն...

Քու յայտնումէն օր մը ետք միայն

Գիշերապահի մը նման

Կ’ապրիմ իմ նոր երազին հաւատաւոր:

1988