ՕՐ ՄԸ
Օր մը եթէ դարձեալ մենք հանդիպինք,
Պիտի սիրեմ քեզ անցեալին նման.
Անցնինք պիտի կրկին գիշերով փողոցներէն
ամայի,
Հանգչինք ամայի ծովափին
Խոնաւ ու մերկ աւազին վրայ,
Դիմաւորենք առաւօտը թաց
Համբոյրներով մոլեգին:
Այն օր պիտի ժպիտը կրկին թափանցէ
մեր հոգիներէն ներս.
Ըսենք կեանքին՝ քաղցր, երանելի
Օրհնութիւն մըն ես, երկնային,
Ու մենք միասին երջանիկներ ենք
նախանձելի:
Օր մը եթէ դարձեալ մենք հանդիպինք
Պիտի սիրեմ քեզ անցեալի անհո՜ւն,
անվե՜րջ սիրով...:
1987