Ո՞ՒՐ ԷՔ, ԱՐՔԱՆԵՐ ԵՐԷԿԻ

Բերդ մըն էր անառիկ, ցից ապառաժի վրայ կանգնած,

Զերդ մեր օրերու երկնաքերը վերասլաց,

Կանգնած, դարերու վրէժն ու կիրքը գրկած,

Իր վեհութեամբ դարձած էր ամենազօր տիրակալ։

Բարձրացայ ես վեր, ոտքերով անհոգ ու կրծքաբաց,

Դիտեցի բնութիւնը կախարդական՝ վերէն, հմայուա՜ծ,

Ինչպէս օտարուհիին մարմինը նետասլաց՝

Փռուած ցուրտ քարին վրայ, ինքնամոռաց,

Կարծէք Ռոտէնի մէկ արձանն էր՝

աստուածուհի մը մարմնաւորած։

Վարը՝ քաղաք մըն էր խեղճուկ, անցեալի փոշիները գրկած,

Պազար առեւտուրի, շուկայ արհեստի եւ կայարան ուղեւորի։

Խճճուած քաղաք մը աննշան տուներու, զիրար գրկած,

Փռուած բերդի չորսդին, կարծէք նեցուկ անոր ու պատուար։

Լռութիւն էր։ Երազային լռութիւն մը խո՜ր, անկարելի՛,

Անկապ՝ վարի ժխորին ու աղաղակող վայնասունին,

Անդորրութիւնն էր երանելի, անմատչելի՝ ներքեւի բազմութեան,

Որ իր առօրեայ կեանքը կ’ապրէր, անշուք ու անվրդով։

Ու ես փոխադրուեցայ հազար տարի ետ,

Երբ արքաներ ու իշխաններ կանգնած այստեղ, անվեհե՜ր,

Կը տիրէին ստրուկ իրենց ժողովուրդին՝ անտարբեր,

Իրենց փառքն ու զեխ կեանքը կ’ապրէին տիւ ու գիշեր,

Ու իրենց եսի մարտերը կը մղէին մոլուցքով մը արիւնադաւ։

Անցած են դարե՜ր,

Իշխաններն այդ գացած են իրենց դամբարանները շքեղ,

Կը մնայ այս ամրոցը վեհապանծ, վկան անոնց փառքին.

Կը դիտեմ աշխարհը՝ վերէն, չքնաղ,

կարծէք երկնքէն կտոր մ’ըլլայ,

Վարը՝ նոյն քաղաքն է անհրապոյր, աղօտ լոյսերու մէջ,

Նոյն ժողովուրդն է անճարակ, նոյն երգը կ’երգէ ճապաղ,

Օտարուհին կը յամենայ ցուրտ քարին վրայ կիսամերկ,

Կը պատրաստուի գիշերուան իր մեղկ արկածախնդրութեան։

Ո՞ւր էք, արքանե՜ր երէկի, ո՞ւր են օրերն ձեր փառքի։

Անոնք չկա՜ն, բայց կան նո՛ր արքաներ մե՜ր ժամանակի։