ԴՈՒ՜Ն, ՆՈՐ ՕՐԵՐՈՒ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

Գարնանային օր մը բախտաբեր,

Մտար իմ աշխարհէն ներս, իբրեւ

Նոր օրերու յայտնութիւն,

Որպէս նոր շո՜ւնչ սփոփարար...

Անձկութեան ու սպասումի երկար երկունքէ վերջ,

Աստղազարդ նոր հորիզոն մը բացուեցաւ իմ դիմաց.

Հորիզոն մը՝ որուն եթերը միստիկ սէր

Ու տարօրէն երջանիկ ապագայ կը բուրէ:

Ընդունէ՜ զիս, կի՜ն, մեհեանէդ ներս այրո՜ղ, կլանո՜ղ,

Սիրոյ հրայրքիդ մէջ թող հոգիս մաքրուի,

Ազատագրուի իր մեղքի յաճախանքներէն ընկճող,

Սրբազան սէրդ թող վանէ

թանձր տխրութիւնները բոլո՜ր,

Ու նետէ զիս արբեցման ոլորտները առինքնող:

Այս չար գիշերին մէջ մտալլկող,

Մենք պիտի նուաճենք միասին

Գալիքի անհունութիւնը, ու

Վաղուան արշալոյսը դիմաւորենք

Երկունքով մը՝ ամբողջական, ցնորական...

Կի՜ն, դուն նոր օրերու ծնունդ բախտորոշ,

Յայտնութիւն մըն ես լուսաւոր,

Այս կեղծ, անհեթեթ ու նիւթական աշխարհիս մէջ:

Քեզ պէտք ունի հոգիս խռով, էութիւնս հիւծուող.

Եղի՜ր այդ սիրող ոգին,

Դո՜ւն, նոր օրերու յայտնութի՜ւնս սրբազան...

1987