ԹՈՎՉԱՆՔ

Տաք ջուրերու կէսգիշերային զեփիւռին հետ մեղմիկ,

Երբ կը սողոսկիս մարմնիս մասերուն բոլոր,

Երանութիւնը ես կը զգամ հպումիդ խանդոտ,

Կարօտի հուրով որ անդարձ կորսուած կը թուէր ըլլալ։

Չարչրկած միտքս յանձնած ալիքներուն հեռացման,

Հեշտանքիդ գերին եմ էութեամբս խոշտանգուած.

Փարի´ր յամա՜ռօրէն, ա´ռ զիս պատեանիդ մէջ, ինչպէս

Աւա՜զը իր ընդերքին կը ծծէ արեւուն հուրը բարերար։

Սիրտն իմ արբեցած կը տենչայ երէկի խանդը պատանի,

Ուր նետերը աղեղիս կ’արիւնէին սիրտերը դիւրաբեկ.

Փակ մատեանի չընթերցուած էջերը, կոյս աղջկան նման,

Կը սպասեն վաղո՜ւց հպումիդ ջերմ թովչանքին միայն։

Եկուր գողտրիկ, փակ պատուհանի ճեղքերէն ներս,

Հոգիս այս երեկոյ բաց պատուհան մըն է սիրակարօտ.

Կը զգամ առինքնող հպումիդ սարսուռը տարփոտ,

Հրաժեշտի հեշտանքն է, թիւրիմացաբար թափանցած։

2005