ՊԷՏՔ է ՏԵՍՆԵԼ ՈԻ ՀԱՄՈԶՈՒԻԼ
Պէտք է տեսնել ու... համոզուիլ,
Որ Հայրենիքը երազ չէ՜, հէքիաթ չէ՜,
Մանուկներու գրքերու դրուագ չէ՜, առասպել չէ՜,
Այլ հո´ղ է բաբախո՜ղ, ոգեշնչո՜ղ,
Աստուածաշնչեան դրախտն է,
Հաւատքի հազարումէկ տաճարներն է,
Լեռներու բարձունքի Սեւանայ ծովն է,
Յառնող Երեւանն է,
Նաեւ ամայացած, որբացած գիւղերն է,
Մաքառումներէն յոգնած, բայց
Փիւնիկի մը նման կրկին յառնող
Մեր հազարամեայ տեսիլքն է մարմնաւոր։
Պէտք է տեսնել ու... հաւատալ,
Որ Հայաստանը գերագոյն արժէ՜ք է,
Հայութեան վախճանական կիզակէտն է...
Մնացածը պարզապէս մանրուքներ են
եսերու պայքար է,
գնայուն է,
Իսկ հայրենիքը անմահ երթ է,
Աստուածային պարգեւ մըն է
մեր գոյութեան հենքն է,
մեր երազներու ոսկեփառ այգեստանն է,
մեր ոգիի նիրվանան է։
Բայց պէտք է հաւատալ... տեսնելո´վ միայն
Ու պէտք է տեսնե՜լ... հաւատալով միայն...
2004