ԲԱԽՏԱԿԻՑ ԸՆԿԵՐ
Իմ դառնանոյշ մանկութեանս խորքերէն եկող
Ու իմ անհո՜ւն, աներդիք գալիքին գացող
Ճակատագրակից ընկեր հարազատ,
Թիւրիմացաբար բախտակից վշտակցութեան։
Երեւի
Դուն պիտի իմ բախտին միշտ վիճակուիս,
Ու յանդգնիս անտեղի ցցուիլ
Ինչպէս ահեղ ալիք տխրատեսիլ.
Պիտի միշտ շփոթիս
Ու միշտ հետեւիս
Որպէս խռովիչ տխուր կոչնակ՝
Իմ չարչրկած երթին.
Պիտի իմ կողքին կանգնիս անվհատ
Ու յուշես ինծի անցեալի
Եւ մօտալուտ տխուր գալիքի՝
հանգրուանները անվիճելի։
Ես անճրկած, փշրուած էութիւնը՝
անգո՜ւթ, անհեթեթ ժամանակին,
Իսկ դո՜ւն...
Հաշուիչ մեքենան՝ իմ անհամա՜ր ցաւերուն,
իմ կորսուած օրերուն,
իմ դալկացած խոհերուն...
Դո՜ւն,
Իմ երերուն քայլերուն անթացուպը անբաժան,
Ու իմ խոտոր մտքերուն վկան ականջալուր.
Երեւի
Դուն պիտի իմ բախտին միշտ հակադրուիս,
Ու յանդգնիս անտեղի ծառանալ
Իմ ըրածին ու եղածին
Ու դեռ ըլլալիքին.
Պիտի շփոթիս ու կքիս
Ու քալես մէկ ետ մէկ առաջ
իմ քայլերուն հարազատ,
Որպէս զարթուցիչ ահազանգ զգայացունց։
Զա՜րկ իմ կսկծոտ յոյզերու պիրկ թելերուն,
Ո՜հ, դիպուածային ընկեր բախտակից,
Դուն՝ իմ իրա´ւ եսը թաքուն,
Ես՝ ստուեր մը, հետեւող քեզի...։
2006