ԿԵՂԾ ՀԵՐՈՍՆԵՐ
Ո՜հ, ի՞նչ դա՜ր է ասիկա,
Ուր շքանշաններ, պատիւներ կը բաշխուին
Մարդոց, որոնք երեւութապէս սուրբ ու անմեղ,
Իսկութեամբ ստոր են, պիղծ են եւ կեղծ։
Բեմերու վրայ, լորձնաշուրթն կը փառաբանուին
Գրողներ, հերոսներ ու գործիչներ,
Անոնց կուրծքերը ցցուն կը զարդարուին
Ոսկեայ մետալներով թանկագին,
Ու որպէս պատիւ, հանդէսի աւարտին,
Կը բարձրանան բեմ, նախամեծար հերոսները մեր,
Պերճախօսներն այդ, «հուսկ բանք» մը,
«Սրտի խօսք» ըսելու՝ յաւուր պատշաճի, գրաւելու՝
Վարը նստած ամբոխին հիացմունքը, որ խեղճացած՝
Զիրենք կը դիտէ ապշահար ու սքանչացած։
Ո՜հ, ի՞նչ դա՜ր է ասիկա,
Ուր արժեչափերը ինկած են վար,
Դարձած՝ անարժէք, աժան ու ծիծաղաշա՜րժ։
Ուր ստորնաքարշ արարած մը,
թափթփուկ մը, յելուզակ,
Հագած պատիւ ու պատմուճան,
Դարձած է խօսքի, գործի, գրիչի առաքեալ,
Դարձած ազգի մը հերոսը, պարծանքը՝ վեհապանծ։
Քիչ չե՜ն անոնք, այդ փերեզակները,
Ամէնուրեք՝ փառքի այդ մուրացիկները,
Բոլոր դարերու փարիսեցիներն այդ վատոգի,
Տզրուկներու նման կպչած կը ծծեն՝
Ամբոխին արի´ւնը, օրհնութի՜ւնը արգասաբեր,
Նստած են բազկաթոռներու վրայ շքեղ, հանգստաւէտ,
Աթոռներն ալ շինուած են իրենց չափին համեմատ,
Զորս կը պահեն մինչեւ վախճան.
Անոնք՝ փառքի, աթոռի վաշխառուներ,
Որո´նց հլու, ծնրադիր, ժողովուրդը կ’երկրպագէ...
Ո՜հ, ի՞նչ դա´ր է ասիկա,
Ուր, երկրպագութիւնը դարձած է սովորութիւն,
Յատկանիշը ընկերութեան, նկարագիրը՝ մարդուն.
Ուր մամոնան դարձած է մնայուն չափանիշ,
գերագոյն արժեչափ,
Մնացածը լուռ ամբոխ՝ լուսանցքին նետուած.
Կը ցանկա՜յ անդամագրուիլ այդ «քլան»ին առաջատար,
Վայելելու փառք ու պատիւ անոնց նման։
Ո՜հ, ի՞նչ դա´ր է ասիկա, որքան անարդա՜ր,
Ուր քիչերը կը տնօրինեն շուար ժողովուրդի մը
ճակատագիրը ամբողջ,
Ու հագած գունաւոր դիմակներ՝ կը յաւակնին բերել
Սպասուած փրկութիւնը վարդահեղեղ...
Զգո՜յշ, ուշադիր այդպիսիներէն,
Փուճ ու խարդախ լեզուի վարպետներէն,
Գիտուն կարծեցեալ տգէտ արարածներէն,
Կեղծ ու սնափառ այդ առաքեալներէն...։
Զգո՜յշ այդ մակաբոյծներէն...։
2005