ԱՊՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Պէտք է հեռանալ երբեմն

ժամանակի մը համար կարճ,

տեսնելու՝ ճշմարիտը,

մնայունը,

ընդհանրականը,

Այնպէս ինչպէս Քրիստոս

բարձրացաւ Ձիթենեաց լեռը

Հեռուէն դիտելու այս աշխարհը խե՜ղճ,

բզկտուած ու մոլորած,

Պատրաստուելու գերագոյն զոհաբերութեան։

Պէտք է մոռնալ երբեմն

ներե՜լ գիտնալ...

Կարենալ դիմագրաւելու համար՝

գալի՜քը անփառունակ...

Այլապէս՝ պիտի խեղդուինք

Դաժան ովասիսին մէջ, համայնակուլ.

Ու երբեմն, հարկ է չտեսնե՜լ... լռել երկա՜ր...

ըլլալ անշարժ դիակի նման սառած,

Հակառակ աղաղակող իրականութեան

տիրող անարդարութեան

Այլապէս՝ մեր բիբերէն մթագնած

աչքերէն աղօտած

Պիտի հոսի արտասուք տաք

արիւն շիկացած՝

Այս անհատ ցաւերուն համար, մեզ կլանած...։

2007