ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Յարաշարժ տարերք մը հոգւոյս ներքեւ
Առաւել կ’աճի
Կ’ահագնանայ
Կը քանդէ էութեանս խորերը
Հին դրոյթները ամլացած...
Տեսիլք մը
Մղում մը կը ծուարի ներսիդիս,
Հեռանալու, ընդմիշտ հեռանալու
Հին աշխարհներէն ձանձրալի,
Դէպի անծանօթ ու նոր աշխարհներ
Որ մահամերձ հոգւոյս նոր բոց խարանէ
Ու գալիք կարճատեւ օրերուն
Նոր հաւատք ու երազ ներշնչէ...:
Գոյութեան մը յարաշարժ ընթացքին մէջ
անհաստատ
Անձս որոնում մըն է խաղաղարար ափին,
Նման առուին
Որ դէպի ծով իր հոսքին մէջ
Հաստատ վիճակի մը պատրանքը ունի...
Յարաշարժ տարերք մըն է հոգիս,
Տիեզերքի խելագար տարերքին պէս…:
1985