ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԵՏ

Պատերազմի սերունդին

Նոր տարուան հետ

Կը փակենք հին էջ մը մռա՜յլ,

Որ պատերազմի առօրեայ տագնապներէն

Ու երիտասարդի կաշկանդուած խանդերէն

Անդին, ոչի՜նչ տուաւ դրական,

Այլեւ միայն առա՜ւ...

Առաւ հաւատքը վաղուան,

Տեսիլքը երիտասարդին անսահման,

Եւ յոյսը՝ միակ յենարանը թշուա՜ռ մարդուն...:

Կենաց գրքէն անաւարտ,

Էջ մը կը դարձնենք այսօր հոգեխռով,

Կասկածի ու վախի յոյզերով:

Նոր մը կը բանանք պարտադրաբար,

Նոր ակնկալութիւններով զեղուն:

Բի՜ւր հարցեր կ’ողողեն մեր հոգին,

Հիասթափութեան վախէն թելադրուած.

Ու անհիմն, անմեղ սպասում մը՝

Որ նորը տարբեր պէտք է ըլլայ անպայման...:

Կորսուած պատանութեան հետ,

Հետզհետէ անհետացող երիտասարդական խանդին

Առթած տագնապը կը խռովէ մեր ներաշխարհը,

Կը վերածէ ինքնամփոփ, անդիմագիծ,

մռա՜յլ սերունդի մը,

Վաղուան սպասումով,

Առաքեալին թերահաւատութեամբ:

Բայց կը սպասենք, ըստ սովորութեան,

Նոր տարուան՝ որ վերջ մը պիտի դնէ

Անցնող տարուան թշուառական:

Գէթ այդ է միակ մխիթարութիւնը անսահման...:

1985