ՆՈՐ ՕՐ

Գերերջանիկ վիճակ մը կ’ապրիմ սա պահուն.

Խօլական արշաւով մը՝ կրկին

Կ’արշաւես ներաշխարհէս ներս, ու

Սիրոյդ խոստովանութեամբ

Վաղուան արշալոյսին դուռը կը բանաս

իմ դիմաց.

Կը դարձնեմ ընդմիշտ հին էջերը սպասումի,

Կը վանեմ առ յաւէտ մենութեան

գիշերները ծանրախոհ.

Նօր օր մը կը սկսի հիմա ինծի համար,

Օր մը՝ որուն մթնոլորտը

Սէ՜ր ու յո՜յս կը բուրէ...

Նոր ապագայ մը կը սպասէ ինծի այսուհետեւ,

Ապագայ մը՝ որ քեզմով պիտի փայլատակէ...:

1985