ՆՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ

Ազատութեան արշալոյսը խափանուած

Կը ծագի հիմա... արա՜գ ոտնաձայներով...

Շատեր տարակոյսով, խոնջած հարբածին նման,

Կը բանան իրենց պատուհանները տաք շողերուն,

Որ կը թափանցէ հետզհետէ տուներէն ներս սմքած…

Արեւագալ է Լիբանանի տօնացոյցին մէջ տխրահռչակ,

Այսօր տօնահանդէս է վաղուց սպասուած։

Կռունկները կանչելու կ’իջնեն ծովափ՝ մայրերը կարօտաբաղձ։

Պատերազմի ուրուականը չքացաւ... կը գոռան ոմանք։

Գեղեցիկ է ազատութիւնը... կ’աղաղակեն ուրիշներ։

Անկցի՜ բռնատիրութիւնը՝ որ կողմէն ալ գայ ան...

կը ձայնակցին հազարներ։

Հարսանիք է։ Ողջագուրում ամէնուրեք։

Անկախութեան շքահանդէսն է՝ նո՜ր Լիբանանին՝

Որ կը ցցէ գլուխը յաղթական՝ մահաքունէն զարթնած։

2005