ՆՈ՜Ր ԱՐՇԱԼՈՅՍ
Մայրիներու երկրին մէջ ասպնջական, տարօրէն բզքտուած,
Կրկին սուգ է համատարած: Կրկին չարն է յաղթանակած:
Կրկին հոգիներն են խռոված, միտքերը ահաբեկուած՝
Փոքր ածուին երկնակամարին տակ փոթորկած:
Կը փորձեն սերմանել պառակտում բոյնէն ներս աղետաւոր,
Միջոցներով սատանայական կը ստեղծեն վիհե՜ր խոր,
Կ’ահաբեկեն մեծ ու փոքր, տարածելու ահ ու սարսափ,
Որ իշխեն այս փոքր երկրին ու դարձնեն զայն լծակ:
Կը փորձեն սպաննել հաւատքը մեր որ ընդմիշտ կը կոտտայ,
Ու թաղել զայն սարսափի շուրջպարի մը մէջ արիւնլուայ,
Կը փորձեն վերածել մեզ հլու նախիրներու տարտղնուած,
Ենթակայութեան բարդոյթը վերածած օրէնքի համատարած:
Բայց ազատութեան կանչը կ’արձագանգէ բարձրաղաղակ,
Երազները գուլայ-գուլայ կը հագուին պատմուճան սպիտակ,
Հրապարակ կ’իջնեն միլիոններու թափօրով գազազած,
Թօթափելու ստրկութեան շղթան մեր երկրէն գերեվարուած:
Արեան գինն է թանկ, հայրենիքի զոհասեղանին վրայ հեղուած,
Անկախութեան երթն է, որ կ’աճի ձիւնամրրիկի մը նման ուռճացած,
Վերը երկինքն է ծաւի, որ կը ժպտի անյա՜գ,
մանուկին նման շփացած,
Մինչ ամբոխը գրկած կը տանի երա՜զն իր՝ դագաղին մէջ տեղադրած:
Այս է երթը անխուսափելի, նո՜ր,
ազա՜տ ապագայի մը գրաւական,
Պիտի ծորի արիւն՝ անձնազոհ, առա՜տ,
ճամբաներուն վրայ ազատութեան,
Ելի՛ր ոտքի, Լիբանան՝ փիւնիկի՜ն նման հպարտ,
գրկէ՛ երազնե՜րդ խաչեալ,
Արշալոյսը դիմաւորելու՝ իջիր անկախութեան
հրապարակը ծովածաւալ:
Կար ժամանակ, երբ կը ծիծաղէին զաւակներուդ հասունութեան,
Հիմա կը տեսնեն մերկ աչքերով հրաշքը
քու կամքին, միասնութեա՜ն,
Հիմա կը լսեն երգերդ կրքոտ, կամքդ՝ հաստատ ու անվհատ,
Ազատութեան երգն է ան, որ կը ճեղքէ երկնքի
բոլոր պատերը շղթայակապ:
Նո՜ր արշալոյս մը կը ծագի այսօր, Հիւսիսէն Հարաւ,
Արեւելքէն Արեւմուտք,
Ազատութեան արշալոյսն է, որ կը տողանցէ
հոգիներուն ընդմէջէն արագ,
Գալիքի երգն է, որ կ’արշաւէ տունէ տուն,
յաղթութեան դրօշը պարզած,
Նո՜ր, ազա՜տ Լիբանանի մը արշալոյսը գրկած
կը տողանցէ յաղթանակած: