ԿՈՏՏԱՑՈՂ ՎԷՐՔ ԵՒ ՀՐԱՇՔ ՅԱՂԹԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
ԿՈՏՏԱՑՈՂ ՎԷՐՔ ԵՒ ՀՐԱՇՔ ՅԱՂԹԵՐԳՈՒԹԻՒՆ
Մեր թիկունքը տուած Արցախի մայրամուտին,
Անցանք կիրճերէն ոլորապտոյտ ու դարձդարձիկ,
Ուղղուելով դէպի Քաղաքամայրը արբեցած,
Խաւար անջրպետին մէջ կորած զոյգ Մասիսները՝
Փարոսի մը նման, մեր բիբերուն մէջ սեւեռուած։
Իսկոյն պարզուեցաւ տեսարան մը զարհուրելի.
Կարելի չէ՜ մոռնալ պատկերն այդ սարսափելի,
Երբ կանգնեցուցինք ինքնաշարժը ճամբեզրին,
Տեսնելու պատկերը մեր աչքերուն դիմաց։
Հո՜ն էր Թուրքիան Նախիջեւանին կապող մաքսատունը,
Լուսավառ ու շէնշող, դաշոյնի մը նման խրուած
Իրանի կողին...
Հո՜ն էր Թուրքիան Իրանի կապող սահմանակէտը՝
աղօտ լոյսերու մէջ կորած.
Բայց ամենազարհուրելին, հրէշայինը
Լուսաթոյր պողոտան էր Արարատի լանջին,
Սրբազան լերան որովայնը ճեղքած բորբոք վէրքի նման,
Կարծես հայուհի մըն էր պառկած, ու անոր վրան
Փռուած էր խենէշ թուրքը, կը բռնաբարէր զայն,
Մարինզներու ծիծաղկոտ նայուածքներուն տակ,
Գիշերին մէջ հրէշային՝
Ինչպէս դա՜ր մը առաջ, Տէր Զօրի աւազներուն վրայ...։
Գիշերին մէջ Արարատը այն չէ´ր, ինչ էր առաւօտուն,
Խորհրդաւոր վեհութիւն մը յանձնապաստան.
Գիշերին մէջ իրողութիւնը խոցող էր ու դառն...
Շարունակեցինք մեր ճանապարհը դէպի Երեւան,
Անցնելով խաւարի մէջ նուաղած գիւղերէն հայրենի.
Ձախին՝ դուռն էր Նախիջեւանի, արտակարգօրէն լուռ,
Երբեմնի հայատրոփ նահանգը, այժմ բռնագրաւուած,
Անդին՝ Խոր Վիրապը Թուրքիոյ սահմանին,
Լուսաւորչի Աչը՝ հսկող մեր վտիտ հայրենիքին։
Ճանապարհին հարց կու տայի իմ չարչրկած մտքին՝
Դեռ որքա՜ն պիտի հայը զիջէր ոսոխին.
Հարկ է պահել, հզօրացնել մեր հայրենիքը վտիտ.
Պահել անառիկ՝ շրջապատի վոհմակներէն կատաղի.
Խաւարին ընդմէջէն, երկար մտմտուքներէ ետք,
Մտանք Քաղաքամայրը՝ լոյսերու երկնակամարին տակ.
Անկախութեան տօնն էր ու յաղթանակի հրավառութիւն...
2004