ԵՍ ՍԻՐԵՑԻ

Ես կը սիրեմ,

Բայց ի՞նչ արժէ սէրը

Ապերախտ ու անողոք այս աշխարհին մէջ.

Ի՞նչ արժէ զոհողութիւնը,

Որ կտրեց տառապանքի երկար ճամբայ

Ու երկունքի երեկոներուս դիմաց մոլոր,

Ծնաւ միայն մաղձ ու նախանձ,

Ի վերջոյ, սիրոյ համար ստեղծուած

Սխալ արդիւնք մըն էր միայն:

Ես սիրեցի,

Բայց ո՜վ գիտցաւ

թէ որքա՜ն սիրեցի,

թէ որքա՜ն սպասեցի

ապարդի՜ւն...

Սէրս ամուլ երազ մըն էր գեղեցիկ։

1986