ՄԻԹԷ՞

Միթէ՞ որեւէ բան փոխուեցաւ այսօր երէկէն,

Թէ կեանքը նոյն ընթացքն է, անորոշ ու տարտամ:

Միթէ՞ մարդիկ դարձան աւելի խելահաս ու հաշտարար,

Թէ մարդը նոյն մարդն է երէկի, տագնապահար, վշտահար:

Միթէ՞ արդարութիւնը դարձաւ քիչ մը աւելի համատարած,

Թէ աշխարհն այս կը մնայ կքած՝ պատերազմի ու

­­ստրկութեան բազում որոգայթներուն մէջ:

Միթէ՞ մահը նուազեցաւ, անօթիները պակսեցան,

Թէ աւելցան ու բազմացան, անհամա՜ր, անհաշի՜ւ:

Միթէ՞ քանդումի զէնքերը զիջեցան խաղաղութեան դրօշներուն,

Թէ կատարելագործուած աւելի, դարձան համատարած:

Միթէ՞ հարցադրումները մարդուն տակաւ նուազեցան,

Այս հրաշք դարուն գինովցած յառաջդիմութեամբ,

Թէ աւելցան ու դեռ կ'աւելնան ամէն օր, ամէն ժամ,

Մարդոց իրարու դէմ ունեցած ատելութեան չափ:

Միթէ՞ իմ տխրութիւնս փարատեցաւ պահ մը միայն,

Դարձաւ գարնանային անուրջ ու պատրանք մը դիւթական,

Թէ… կրկին տիրեց իմ ներաշխարհին

խաւար անջրպետին նման: