ՄՏՔԻ ՄԱՐԶԱՆՔ
Միտքս, երիվարին նստած,
Կը քշէ հեռո՜ւ, արագավազ,
Մինչ հոգիս կը հալածէ զայն
Քառասմբակ, բայց յաղթարշաւ։
Արշաւին մէջ ահեղավազ,
Դարձած եմ բզկտուած, շուարած։
Մարմին իմ, որքա՞ն դիմանաս պիտի,
Երբ պայքարը քու հոգիին՝
Քեզ կը կրծէ մինչեւ ծուծ ու գանկ։
Յոգնած՝ մարտին մէջ այս անվերջ,
Միտքս ու հոգիս թեւաթափ,
Ծովեզրի աւազին վրայ փռուած,
Հրադադարի դաշինք կը կնքեն,
կարճատեւ,
Լիալուսնի մեղմ երդիքին տակ։
2012
ԿԱՄԱՐ, Թիւ 16-2012, էջ 40։