ՄՆԱՅՈՒՆԸ

Յուշե՜ր կ’ողողեն ներսիդիս այս գիշեր.

Հին օրերն են անոնք

Հեթանոս գիշերներու,

Սիրոյ արկածախնդրութիւններու,

Առօրեայէն անջատուած ապրումներու...

Օրերն են անոնք անհոգ անցեալի,

Պահը ապրելու խորհուրդին...

Օրերն են նոր աշխարհներու

յայտնաբերութեան,

Միջավայրէդ հեռո՜ւ

անծանօ՜թ մը միայն...

Յուշերն են, որ կ’ապրին ներսիդիս.

Լոկ յուշերն են, որ կը մնան

Գոյութեան մը իմաստն ու ոգին...

1985