ՄԻՇՏ ՆՈՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ
Ամէն առաւօտ,
Յոյսի նոր նշոյլի մը հետ,
Կը քալեմ ապագայի մտորումներով.
Նոր եռանդ մը զիս կը նետէ
Մարդոց գիրկը հաւատքով.
Կը բարեւեմ մարդոց մտահոգ,
Կ’ակնկալեմ տարբեր դրութիւն՝
Աւելի արդար ու բախտորոշ:
Կարծէք երէկը բաւարար դաս չըլլար,
Կարծէք արեւը նոյն խաբկանքը
Չըլլար երկար ու կապոյտ գարնան:
Սակայն աւա՜ղ...
Միշտ կրկնուող, նոյն իրականութեան դիմաց,
Կը զարնուիմ յուսալքումի
Հազարումէկ պատերուն ամրաքար.
Մարդկութեան կրկնուող ցաւերուն
Դիմաց իմ ցաւը կը նսեմանայ հիմա,
Ու իմ հոգին կ’ահագնանայ
Բիւր հարցերովը մարդկութեան:
Կը դիտեմ ամբոխը ախտավարակ,
Շուարած մարդիկը, երկպառակուած ու հիւծած.
Կը տեսնեմ արդարութիւնը՝ միշտ
Խափանուած՝ լուսնին նման,
Ոչ մէկ ատեն տկարը, արդա՜րը իշխած
Պատմութեան դատաստանին վրայ:
Իմ հոգին կ’արիւնի,
Անվերջ կ’արիւնի մարդկութեան ցաւերով,
Կ’ուզէ հաւատալ որ կայ ի վերջոյ
Մահէն անդին դատաստան մը՝
հզօ՜ր ու արդա՜ր.
Բայց կեանքի փորձերը նոյնանման,
Մեզ կը դնեն միշտ ու միշտ
Նոյն տգեղ իրականութեան դիմաց...
Կեանքի բացորոշ ու անկատար
Իրականութեան դիմաց…
1989