ՄԻ՞ԹԷ ՈՒՇ Է ԱՐԴԷՆ
Մի՞թէ ժամը չէ շպրտել մէկդի
Պանթէոնները նուաճուած,
Քուրմերը պիղծ, մեր օրերուն դժնի,
Պատեհապաշտները մեծամիտ ուղարկել տուն,
Ու արժանաւորին տալ կոչում արժանի:
Մի՞թէ ժամը չէ մաքրել շրջապատի
Հոգիները խաթարող, կեղծիք սփռող
Մակաբոյծները մթասքօղ, հրէշները չորսդի,
Այլեւ՝ գործին անյարիր ճարտասաններուն,
Խոցելի մինչեւ իրենց ծուծը պալարած:
Մի՞թէ ժամը չէ - եթէ ուշ չէ արդէն -
Զտել բորբ արիւնը ախտավարակ մարմնին,
Սրսկել հականեխիչ շիճուկ բուժիչ
Նոր օրերու պայմաններուն յարիր,
Նստեցնել գահին՝ ազնիւ, մաքրակենցաղ այրին:
Մի՞թէ ժամը չէ քանդել ընդմիշտ
Երեւելի ու աներեւոյթ պատնէշները բոլոր,
Տարբաժանումները կեղծ ու պատիր,
Վերածել խուժանը կրկին ամբոխի մը առաքինի,
Եւ ուղղել զայն ապագայակերտ նոր տեսիլքի:
Մի՞թէ ժամը չէ արծուեբոյն բարձունքներէն անդին
Նայիլ վաղն կերտող իրաւ ռազմավարութեան՝
Հաւաքական ճիգի վրայ խարսխուած,
Նոր եղեռններու ընդառաջ, զրահել խուժանը ցանուցիր,
Նոր օրերու յարիր զրահանդէսով արտակարգ:
Մի՞թէ ժամը չէ ցրել մէկդի որոմները յարդին,
Նոր շունչ, նոր աւիշ փչել մեր մահամերձ կերտուածքին,
Խարխափանքի այս օրերուն զգայազիրկ,
Ե՞րբ պիտի շպրտենք մէկդի տմարդիները ռազմի,
Ու զինուորագրենք արժանիները մեր շրջապատի:
Միթէ ո՞ւշ է արդէն...