ՄԻ՛ ՏԱԳՆԱՊԻՔ ԱՅԴՔԱՆ
Կ’ըսեն՝ թախիծ է պատեր քու հոգիին,
Ու քարշ կու տաս մարմինդ անկենդան.
Կ’ըսեն՝ թուխ ամպեր են պատեր քու երկնակամարին,
Եւ ժպիտը չի խայտար քու դէմքին.
Ու դեռ կ’ըսեն՝ մութ ծալքերուն հոգիիդ
Վիշտ մը կայ, որ տակաւ կ’ահագնանայ,
Վիհ մըն է բացուած, կը խորանայ անընդհատ։
Ու դեռ կը փորձեն կարդալ մտքերն իմ ցրուած,
Տեսնել հոն թանձրութիւնը ժամանակի,
Մտորումներ անգոյ, դժգոհութիւն անհարկի.
Կարծէք՝ դիպաշար մըն է իրենց հրամցուած:
Մի´ տագնապիք այդքան, բարեկամներ սիրելի,
Մի´ գլորէք ժայռեր ու մի՜փորփրէք մոխիրները հանգած,
Պիտի չթափանցէ՜ք խորքը իմ հոգիին ու մտքին,
Թէկուզ տողերն իմ մատնեն աշխարհ մը մռայլ:
Ես հայելին եմ այս աշխարհին,
Ու պաստառը նկարիչին՝
Երանգները իրար խճճած...:
2011