ՄԵՐԿ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ

Լուսաբաղձ ու լուռ գիշերին մէջ մշուշապատ,

Պլպլացող բիւր-բիւր աստղերու ցոլքին տակ

Կը ննջէ գիւղը, խոր քունի մը մէջ սովորական,

Աղջամուղջին մէջ կորած լեռներու լանջին։

Նստած եմ մագնիսացած, այս հրաշքին

Դիմաց խոկալով լո՜ւռ, գեղեցկութիւնը՝

Ցրտաշունչ գիշերին քաղցրահամ,

Լերկ ու վայրի լերան տեսքով հմայուած.

Գլգլացող առուին կարկաչն ալ մերթ ընդ մերթ

Կու գայ արձագանգել հոգւոյս մէջ զգայազիրկ,

Կապոյտ երազներու օրհնութեամբ գոհունակ։

Ցուրտ ու խաղաղ գիշերին մէջ երանային,

Կռկռացող գորտերու,

Ճռճռան անխոնջ ճպուռներու,

Հաջան շուներու,

Ղօղանջող զանգերու

Նուագն է մերթ ընդ մերթ տիրական։

Յափշտակուած ներաշխարհս՝

Սուզուած է այս հրաշքին մէջ գեղջկական,

Մշուշին մէջ կորած ճամբեզրի լապտերին նման՝

աղօտ ու պլպլան։


Ու հարց կու տամ ես ինծի.-

Մի՞թէ այս չէ´ խտացումը բոլոր

Յոյզերուն, վայելքներուն անարատ.

Մի՞թէ այս չէ´ գերութիւնը հոգիին,

մտքին ու մարմնին ամբողջական,

վաւաշոտ կնոջ մը հեշտանքին նուիրաբերած

պագշոտ վայելքներուն նման.

Մի՞թէ այս չէ´ ալֆան եւ օմեկան՝

Խնդրայարոյց այս աշխարհի բոլոր խորհուրդներուն.

Մի՞թէ այս չէ´ հեշտանքը հոգիին՝

Գինիի կարմիր բոյրին, համին եւ արբեցումին

մէջ թաթաւուն։

Դողդոջ ու մունջ երեկոյին մէջ մշուշապատ,

Մեղմ քամին կը բախէ դռները մարմնիս

Իւրաքանչիւր հիւլէին՝ հարբած,

Կը վանէ հոնկէ բոլոր մեղքերը,

ձախող յոյզերը,

անյագ կիրքերը,

Անմահութեան լիութիւնը պարգեւող

Քաղցր ու յուշիկ երազներով փոխարինուած։

2003