ՄԵՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԵՐ

Ծանր են առանձնութեան պահերը.

Հեռո՜ւ բոլոր սիրելիներէն, բարեկամներէն,

Ծառին նման պոկուած իր արմատներէն,

Կը զգամ լքուա՜ծ, հովին դիմաց մե՜րկ ու անտէ՜ր:

Դժուար են մենութեան պահերը.

Կտրուած՝ արտաքին աշխարհներէն,

Երազներու ցանկալի կայքերէն,

Կը դառնամ կալանաւոր մը հէ՜ք,

Հարազատ իմ խուցին մէջ:

Ու ահեղ պարապ մը կը ստեղծուի

Հոգւոյս մռայլ ծերպերուն մէջ,

Որ ծանր ու ջլատիչ պահերուն մէջ

Կը դառնայ բոյն մը մահացու ապրումներու...:

Որքան ալ ցանկալի, մենութիւնը

Բոլորովին ներհակ վիճակն իսկ է

Մարդկային բնութեան ու նկարագրին:

1985