ՄԱՐՏԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Հնագոյն ժամանակներէն
Մինչեւ երէկը յաղթական,
Հայուն երթը անցաւ կրակի ու արեան բովէն,
Պայքարն եղաւ հենքը անոր ոգեղէն յաղթարշաւին:
Մղուեցան մարտեր կատաղի
Եւ մղուեցան մարտեր փառապանծ:
Կռիւին մէջ անհաւասար
Ինկան քաջազուն հերոսներ անհամար:
Ինկան անոնք նուիրումով,
Նահատակուեցան հաւատքով,
Որ հայը ապրի՜, ապրի´ երկա՜ր.
Արիւնն անոնց դարձաւ ուխտ ու կտակ,
Դարէ դար
Սերունդէ սերունդ
Մինչեւ օրերն այս բախտորոշ:
Ու մեհեաններ փառաբանանքի
Կանգնեցան ամէնուր,
Յաւերժացնելու անուններ դիւցազն:
Եւ երթը կը շարունակուի...
Պիտի շարունակուի դեռ երկա՜ր:
Օ´ն, քաջեր մեր ազգի,
Վարեցէ´ք ջահը գալիքի,
Կռիւը կը շարունակուի...
Թող կրակը ճարճատի ու բոցավառի,
Որ մեր ազգը ապրի´, ապրի՜ յաւիտեան...: