ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՍԱՀՄԱՆՈՒՄ
Մեզմէ ամէն մէկուն մտքին մէջ
Կայ իտէալի խորհրդանշան մը վե՜հ,
Որուն համար ան կ’ապրի, կը պայքարի,
Բայց երբէք չի հասնիր անոր,
Կը մնայ ան սոսկ երա՜զ մը շքե՜ղ...:
Մեզմէ ամէն մէկուն հոգիին մէջ
Կայ գեղեցիկի պաշտամունք մը բո՜ւռն,
Որուն հասնելու, անոր տիրելու կը ձգտի ան,
Բայց երբէք չի հասնիր անոր,
Կը մնայ ան լոկ տեսի՜լք մը պայծառակերպ...:
Մեզմէ ամէն մէկուն մարմնին մէջ
Կայ բնազդներու մղում մը կատաղի,
Որուն յագեցման կամ զսպումին կը ճգնի,
Բայց երբէք չի կրնար բարձրանալ անկէ վեր,
Կը մնայ ան մարտահրաւէր մը անվերջ...:
Մեր կեանքը զուր փորձ մըն է պարզապէս...:
1985