ՊԱՏՆԷՇԻՆ ՎՐԱՅ

Պատնէշին վրայ հիմա քիչեր կան արթուն,

Կէսգիշերային անուրջին մէջ բոլորը քնած են արդէն.

Այդ քիչերէն նաեւ ես, երազկոտ քերթող մը անձնուէր,

Քնարը գրկած՝ կ’երգէ թախծոտ երգեր բաբախուն

իր հոգիի նուրբ քնարին վրայ։


Երգն իմ սրտին հէք սիրահարի երգը չէ ամենեւին,

Վաղուց դադրած է քնարս սիրոյ հոգեյոյզ տաղեր երգելէ,

Իմ երգը ապագայի համար գրուած պոէմն է թախծոտ,

Որուն աւարտը խորհուրդներու մայրամուտն է։


Բայց ինչո՞ւ թախծոտ երգերը միշտ աւելի զօրե՜ղ են,

- Կարծես տրտմութեամբ յագեցած

խորհուրդն ըլլային անոնք մեր կեանքին։

Երգս՝ խոնջած արեւի վերջալոյսի երգն է տրտմալար,

Թրուպատուրներու երգն է,

Լիալուսնի շողերուն ներքեւ,

Գիշերուան քնքուշ զեփիւռին ըղձանքով հրավառ...


Ինչո՞ւ երգս պիտի չըլլար մանուկներու ուրախ երգին,

Գարնանային թիթեռի վառ ոստոստումին նման.

Ձանձրոյթն է իմ եթերը լեցուցած, մշուշի նման.

Երբ արշալոյսը կրկին բացուի օրհասական պահուն,

Պատնէշին վրայ պիտի գտնեն զիս արթուն։


Իմ հոգին աղջամուղջ որոնող մոլոր աստղի է նման։

2004