ՍԻՐԵԼԻՍ
Առաջինը չեղա՜ր դուն սէրերուս մէջ անցաւոր,
Բայց եկար ո՜ւշ, թէեւ ոչ՝ ուշացած.
Ու եղար վճիտ, զուլալ առուակի մը նման՝
մաքրամաքուր ու քաղցրահամ։
Իմ հին սէրերը եղան վաղամեռ
Նման աստղերու կարճատեւ՝
պլպլացին ու շիջեցան...
Իսկ դուն եղար կիզիչ արեւուն նման՝
Խանձող երկնակամարը իմ ցուրտ հոգիին վերեւ։
Անոնք եղան գարնան հունտին նման
ծլարձակող ու շիջող,
Բայց դուն՝ եղար գարնան վարդին նման՝
անանձնական ու միշտ բուրեան...
Առաջինը չեղա՜ր դուն սէրերուս մէջ
տարանցիկ ու հպանցիկ,
Բայց եղար իմ երգը կարապի,
Վերջաբանը՝ հին սէրերուս մատեանին...
2004