ԻՄ ՄԻՒՍ ԿԷՍԸ
Կը փորձեմ վերագտնել իմ Եսը
Փշրուած հայելիին բեկորներուն ընդմէջէն։
Գտնել իմ միւս կէսը խորհրդաւոր,
Իմ երազներն ու տագնապները,
Հաւատքն ու գալիքը պատկերող՝
Նշանաւոր միւս եսը։
Գտնել իմ հպա՜րտ կէսը,
Անզիջո´ղ ու ինքնահաւա՜ն եսը,
Որոնող, խարխափող կէսը,
Մտորումներու տակ կքած եսը,
Կոտտացող ու վիրաւոր կէսը։
Կը փորձեմ վերագտնել իմ միւս կէսը
Ճշմարիտ, պայծա՜ռ,
Մանուկի մը նման շէնշող իմ եսը՝
Մշուշոտ ու տարտամ ցոլքին մէջ հայելիին՝
Որ խորտակուեցաւ օր մը յանկարծակի։
Պիտի վերագտնեմ իմ միւս կէսը,
Աշխարհին ժպտուն նայող,
Հաւատացող
Տրամաբանող
Ինքնաբաւ միւս կէսը,
Որ հիմա փշրուած ու վիրաւոր,
Հարկաւ կայ ամէն մէկուն խորքը,
Երբեմն ծածուկ,
Երբեմն խափանուած,
Սակայն վաղուան նայող՝
Ապրող ու լաւատես կէսը։
Կոտրած հայելիի փշուրներուն մէջ
Կը տեսնեմ բազմերես եսերս,
Հազար գիծ ու երանգ պատկերող եսերս.
Մին՝ գժտուած,
Մին՝ շփոթած,
Միւսը տխուր ու գլխահակ,
Մին՝ երազկոտ,
Միւսը՝ կենսուրախ,
Մէկը՝ մտորումներու տակ կքած,
Միւսը՝ հրավառ ինչպէս արեգակ,
Մէկը՝ լուռ, բայց հպարտ,
Միւսը՝ աղմկարար ու շփոթահար,
Բայց վաղ թէ ուշ,
Պիտի միանան բոլոր բեկորները,
Ու ես դառնամ կրկին ամբողջական,
Գլխագիր ու մէկ հատիկ Ես մը,
Որ հայելիին կը նայի հպարտ
Ու իր անձը կը տեսնէ հարազատ,
Ինչպէս ծովուն կը նայի
Առաւօտեան արշալոյսը կենսառատ։
2004