ՆՈՐ ԱՇԽԱՐՀԸ

Այն օրէն, երբ

Արժէք տրուեցաւ կեղեւին՝ ոչ միջուկին,

Երեւոյթին, ոչ որակին,

Ձեւին, ոչ խորքին,

Շպարին, ո´չ արժէքին,

Այն օրէն ասդին

Մենք դարձանք անդիմագիծ,

Միջակութեանց մէջ տուայտող

Ամբոխ մը՝

Հետեւող,

Անգոյն,

Հոսանքին հետ գահավիժող:

Այն օրէն ասդին,

Երբ աշխարհ վերածուեցաւ ագուցուած ցանցի,

Ու վերացան սահմաններ, գիծեր բաժանումի,

Դարձանք արածող երամակներու նման

Հրամցուածը անյագուրդ սպառողի

Զանգուած մը՝ անտարբեր, անտէր, անջրդի...

Այն օրէն ասդին

Մենք զոհերն ենք բագինին վրայ

Մեզ զոհաբերող քուրմերուն,

Հի՜ն աստուածներուն,

Կրեսոսներուն

Ու մամոնային՝ շլացուցիչ...

Այն օրէն ասդին

Մենք զոհեցինք մեր անցեալը

Գալիք անմխիթար ժամանակներուն...

Այդ օրէն ասդին

Նոր աշխարհ է մեր ոտքերուն տակ:

2011

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 12-2011, էջ 61։