ՅԻՇԷ՛ ԶԻՍ

Յիշէ՜ զիս,

Երբ այգաբացը իր ոսկեղնիկ շողերը տարածէ

Լեռներուն ու կիրճերուն վրայ կանաչապատ.

Ստուեր մը, ասուպի նման յանկարծ,

Երբ ոստոստէ ծառերու խարշափին մէջ խոնաւ,

Յիշէ՜, որ այդ իմ ոգին է անաղարտ,

Որ դէմքիդ պիտի բերէ ժպիտ անանձնական:


Յիշէ՜ զիս,

Տղմուտ ափերու աւազին ու խիճին համրանքով,

Որոնց հմուտ ես այնքան՝ ամէնօրեայ այցիդ հետ,

Յագեցուր սիրատարփ հոգիիդ բաժակը՝ լիաբերան,

Անցեալի այգիներէն ծորած գինիի տակառներէն,

Որոնց հիւթին դառնութիւնը այլ բան չէ եթէ ոչ՝

Ճիչն ու հեծկլտուքը մեր անհուն հառաչանքներուն:


Յիշէ՜ նաեւ զիս,

Երբ երեկոյի մուգ պատանքը վանէ դալուկ սրտէդ

Աներեւոյթ փայփայանքն իմ սիրոյն,

Որ գիտեմ, կը յամենայ հոն երկար...

Ու ընդունէ´ ինքնակամ,

Որ պահը փորձաքարի նման՝

Ժամանակի արժեչափով,

Սիրոյ անհունութեան դիմաց ոչինչ է.

Հաւատա´ որ այդ պահերուն մեկուսի,

Իմ հոգին թեւասլաց, կը ճեմէ լո՜ւռ,

Գիշերի անջրպետին մէջ համայնական:

2011

ԿԱՄԱՐ, Թիւ 12-2011, էջ 61։