ԴՐՕՇՆԵՐ ԳՈՅՆԶԳՈՅՆ

Ո՞ւր կը փչեն քամիները աշնանային

Այսքան արտառոց, այսքան այլանդակ,

Հոգիներուն մէջ սարսռած

Մոմ մը վառող կա´յծն անգամ՝ կը թուի մարա՜ծ։

Ինչո՞ւ տխուր են հոգիները կրքոտ,

Այսքան այլամերժ, այսքան անհաշտ։

Սուգէ սուգ տարուբերուող

Ամբոխները՝ վերածուած են նախիրի մը անօթեւան։

Ինչո՞ւ կը հնչեն մարտի փողերը կրկին

Այսքան զօրեղ, այսքան ուժգին,

Հոգիներուն մէջ ծարաւի,

Արեան բոյրն է կրկին ռունգերը լեցուցած։

Ո՜ւր կը տանին մեզ ամբոխները խելագարած

Այսքան վրիժառու, այսքան կատղած,

Դրօշներուն մէջ գոյնզգոյն

Կը սպաննեն վաղուան աղօտ յոյսի նշոյլներն անգամ։

2006