ՎԵՐՋԻՆ ԱՐԱՐ

Բառերու պատերազմի

Ահուդողին մէջ համայնական,

Կը կորսուի ճշմարտութիւնը թափանցիկ.

Բառերը կը դառնան մահացու գործիք

Ու աղէտաբեր նախերգանք՝

Նոր արհաւիրքի,

Քանդող նոր արշաւի մը խելակորոյս։

Օդը կ’ապականի, բառերու պայթիւնի,

ծծումբի ծուխի նման արտահոսքէն.

Հողը ոտքի տակ, խանձուած անտառի

մոխրածածկ սահանք է գունաթափ.

Աղմուկին մէջ ցիրուցան, ականջները խցկուած

քամիներու սուլոցին արձագանգը կ’անիծեն.

Պատահական ռումբերու տարափին դիմաց

Բառերը կը ճեղքեն ամբոխները հանդիպակաց։

Բառերը անմեղ չեն այլեւս...

Պատերազմի նախերգանքի

Հրովարտակներ են իշխանական,

Թմբկահար կը գրոհեն գանկերէն ներս գերեվար,

հոգիներէն ներս շփոթած

Առաջնորդելու խելացնոր ամբոխները՝ յառա՜ջ։

Երկինքը սեւ պատանքի մը ծածկոյթն է՝

Արեւուն խափանուած,

Բառերուն ցոլացումէն,

Կարկուտի նման տեղացող ամբոխին վրայ։

Բառերու պատերազմ է ամէնուրեք,

Ուր բարոյականն է զոհը գերագոյն՝

Մարդկային զոհասեղանին վրայ.

Բայց ի՜նչ արժէ ան, երբ վերադարձի

կամուրջներն են քանդուած,

Զոհերը յանձնուած են դահիճի վճռին մահացու։

Բառերու գրոհն է գինով ու օրհասական

Գիշերներու մահաշշունջ քմայքին յանձնուած,

Մինչ բարձրախօսը հեռարձակ

Կը պատգամէ թաղման կարգը բարձրաղաղակ,

Համախումբ, աներեր շարժելու յառաջ։

Յուղարկաւորութիւն հաւաքակա՜ն,

Ուր անմեղներ չկան,

Բոլորն ալ պարտուած են

Ինքնախաբութեան մարտադաշտին վրայ.

Հոգիները՝ արեան ծարաւի, շարան-շարան,

Ուրուականներու նման կ’երթան բառերուն կշռոյթով

Աղջամուղջի մէջ կորած իրենց հերոսներուն հետքերով...

Հեռո՜ւն՝ սահմաններն են քանդուած

Ողջակիզուո՜ղ ժամանակին...

Հեռո՜ւն՝ մնացորդացն է մեր բզկտուող մարմիններուն...

Հեռո՜ւն՝ ժամանակն է անցելացող, անկումը գահավէժ...

Ո՜հ, ոչ. ալ կատակ չէ՜. կէսգիշերային մղձաւանջ ալ չէ.

Ողբերգութեան վերջին արարն է յիրաւի։

Շուտով վարագոյրը կ’իջնէ ու լռութիւն պիտի տիրէ.

Խլացուցիչ լռութիւն մը համայնական...

2006

ԲԱԳԻՆ, ԽԵ. տարի, Յունիս 2007, Թիւ 2, էջ 22-24։