ՅԱՆՈՒՆ ՄԵՐ ՄԱՅԻՍԵԱՆ ԵՐԹԻՆ
Մայիսեան բոլոր յաղթանակներու փառքին
Յանուն իմ ցեղի անխոնջ երթին,
Յանուն Մայիսեան յաղթանակներ կերտած
Այս «խենթ» ցեղի գոյատեւման կիրքին,
Պիտի տոկանք հի՜ն թէ նո՜ր բոլոր խարդաւանքներուն...
Պիտի հաւատանք, հաւատանք անպայմա´ն ու մի´շտ,
Որ պիտի գա՜յ այդ Օրը...
Օ՜րը, փառքի ու յաղթանակի Մասիսածագ.
Երգենք մեր հերոսներուն երգը յարութեան.
Երգենք մեր սուրբերուն մեղրածորան շարականներով
Անշեղ հաւատքի ու փառահեղ յաղթանակի
տեսիլներուն արեւածա՜գը,
Կանգնինք խրոխտ ոգեղէն պատուանդանին վրայ
մեր դարաւոր լինելութեան,
Մեր աչքերը սեւեռած գալիք դարերուն լուսապայծառ...
Պիտի´, պիտի գայ ե´ւ այն օրը Մայիսեան, երբ ցեղս
Հնամեայ, բայց միշտ կանգուն, տոկուն ու հպարտ,
Տեսնէ իր երազներուն շողփողփուն ոտնահետքերը
Հանգչած՝ կապուտակ ծովերուն վրայ
Տիգրանեան օրերու փառքին,
Աստուածները թառած կրկին Մասիսի
երկնամերձ կատարներուն...
Յանուն իմ ցեղի մշտատրոփ վաղուան
Պիտի տոկանք ու մաքառինք անողոք դիւցազնութեամբ,
Յանուն մեր գալիքին՝ ուր ծիրանազարդ դափնին՝
Լուսաճաճանչ շողերով պիտի կրկին հանգչի
Մեր բազմաչարչար հոգիներուն, բազմադարեան
Տենչերուն, իղձերուն վրայ միանգամայն.
Պիտի հաւատա´նք այդ օրուան՝
Թէկուզ մեր տարանջատ,
Թէկուզ մեր թափառական, քաշկռտուած
Ծագէ ծագ նետուած նաւու բեկորներուն ցիրուցան.
Պիտի տապանը Նոյի ծփայ կրկին
Սպիտակ Արարատի կողերուն վրայ օգոստափառ...
Յանուն այդ երթին պիտի միշտ քալենք յառաջ...
Պիտի երթա՜նք
Մեր հայրենաբաղձ տեսիլքներէն յառնող
Աննկուն կամքին ոտնահետքերով,
Պիտի երթա՜նք հոն, մեր ոստաններուն կարօտակէզ...
Խարխափումներէն ամոքուած
Թափառումներէն սթափած՝
Պիտի երթանք ծովէ ծով Հայաստանի
Տեսլականին արփափայլ ուղիներով
Ապագային, որ մե՜րն է անկասկած...
Հայուն Աստուածատուր լինելութիւնն է հրաշափառ...
2007