ԳԱՂՏԱԳՈՂԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Զոյգ երկու աչքեր լուսափայլ

Կը հանդիպին իրարու գաղտագողի,

Հորիզոնին վրայ.

Ժպիտ մը, մելամաղձոտ

Կը փայլատակէ անոնց դէմքին,

Ինչպէս գիսաւոր աստղը՝ որ կը սուրայ

Խաւար անջրպետին մէջ անհուն...

Կը հալածեն զիրար՝

Երեւութապէս անտարբեր,

Կիրքով մը գոհունակ

Զոր իրենցն է միայն...

Գիտեն անշուշտ, թէ իրենց հոգիներու

թաքուն անդունդներուն

Անթեղուած սէ՜ր մը առկայծ՝ դեռ կը մխա՜յ...

Ու այդ խորհուրդը ծածուկ

Կը մնայ քարահանքի նման թաղուած

Իրենց անհուն կուրծքերուն տակ...

Զոյգ երկու աչքեր վտարանդի

Կը խարանեն զիրար, մագնիսացա՜ծ,

Լուռ հորիզոնին վրայ.

Ժպիտներ գաղտագողի

Անձկութիւններով զեղուն

Կը թափառին իրենց թիրախին հասցէագրուած,

Հրճուանքով մը յորդաբուխ ու մանկական.

Ժամանա՜կը, դահիճը՝ իրենց սիրոյն,

Հիմա զոհն է անոնց լուռ սիրերգին.

Զոյգ երկու աչքեր կիզուած

Կ’ողջագուրեն զիրար գաղտագողի

Գիշերուան կէսին...

2007