ՔՈՒ ԲԱՆՏԵՐԷՆ

Քու բանտերէն հայեացքներդ հիմա սեւեռած դուրս՝

Կը զարմանաս մարդոց վրայ, ուրախ թէ տրտում,

Կը տագնապիս անոնց ցաւերով ահագնակուլ,

Կը մխիթարուիս պարզ ժպիտով մանկան,

Ու կը նայիս հեռո՜ւն, մշուշապատ ու թաքուն

Հորիզոնին, որ ճարճատող գոլ է թոնիրի:

Քու խուցին մէջ կծկուած, ինչպէս գայլը՝ ձմրան,

Կը ծիծաղիս աշխարհի հեւքին ու վազքին,

Գիտես թէ անհեթեթին հեգնանքն էր, ի սկզբանէ,

Ամէ´ն ճախրանք, ամէ´ն երգ ու մրմունջ՝

Ունայնի քնարին զարնուած մեղեդիներ էին լոկ:

Քու բանտերէն հիմա դուրս՝ կը թեւածեն

Պատրանքներուդ նուաղկոտ հառաչանքները անուղղայ,

Արիւնթաթախ սրտիդ ճենճերումներու խոյանքը անդուլ.

Կը մարին հոն բազում թռիչքներ անմեղունակ,

Կը փակուին վարագոյրներ հնամաշ, ցնցոտած,

Գիշերուան խո՜ր ու ցրտաշունչ փուք ու բորանին:

Կրկնուող այս խաղին ու խեղկատակութեան՝

Կը սիրես տալ անուն ու մակդիր,

Բառեր գեղեցիկ, անիմաստ ու սին,

Կը սիրես այս խաղին դառնալ մասնակից,

Ու շուռ տալ զառերը նարտիի,

Ուր արիւն ու մարմին գիրկընդխառն՝

Կը կորսուին յուշերու փոսին մէջ, ցուրտ ու մթին:

Քու բանտերէն դուրս, աշխարհ մը կ’եռայ անքուն,

Որու շուրջպարին երբեմն եղար մասնակից,

երբեմն՝ ակնդիր,

Բայց դարձաւ երազներուդ ներշնչանքին դամբարան.

Ան կը պայքարի տակաւին, իսկ քու պայքարդ՝

Աւարտած էր վաղուց...

2010